During the 1920’s, educating the youth about their Armenian heritage was a top priority for our communities; this essential task was entrusted to the Armenian Relief Society (ARS) throughout the United States. Various ARS chapters in Hudson, Bergen and Essex counties of New Jersey sponsored Armenian schools with courses of Armenian language, history and culture, which they supervised and financed. In 1959, as the construction of Sts. Vartanantz Church and community center in Ridgefield came to its completion, it was decided to combine all existing schools into one and the united school came into life as the Nareg Armenian School in 1960. Later, in the 1970’s when ANEC was established, Nareg School came under the jurisdiction of ANEC (Armenian National Education Committee) which functioned as a joint and equal partnership between Armenian Relief Society and The Armenian Prelacy, Currently, the Board of the Nareg Armenian Saturday School continues its mission of educating the Armenian youth through the joint efforts of the ARS NJ Chapters (Agnouni, Armenouhi, Shakeh) and the Sts. Vartanantz Church Board of Trustees. The school operates Pre-K through 7th grade; as well as Mommy & Me program and “Hoontzk” (post graduate). New programs aimed at modernization, professionalism, and new student activities are in place to keep pace with technology and elevate the school to higher levels. Նիւ Ճըրզիի հայ գաղութը 1924-1925 թուականներուն Հատսըն եւ Պըրկըն նահանգային մարզերուն մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան հովանիին տակ զարկ տուած է նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, շաբթուան ընթացքին երկօրեայ կամ միօրեայ դասընթացքներով ուսուցանելու համար հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, գրականութիւն եւ մշակոյթ: Ամերիկայի արեւելեան շրջանին մէջ կրթական գործը այդ օրերուն կը ղեկավարուէր Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական կրթական մարմնին կողմէ, որ նաեւ նիւթապէս կ’օժանդակէր բոլոր դասընթացքներուն տարեկան յատկացումներով։ Տեղական ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը կը հսկէին կրթական աշխատանքին եւ կը տրամադրէին յաւելեալ գումարներ յաջողցնելու համար կրթական գործը, զոր կը նկատէին առաջնահերթ: Ամերիկահայութիւնը կը ջանար միաժամանակ օժանդակել հայրենիքին եւ թէ արտերկրի հայ գաղութներուն որոնց մեծ մասը գաղթական վիճակ ունէին: Այդպիսի գաղթականներ նաեւ կը ժամանէին Նիւ Ճըրզի եւ ուրեմն բազմաթիւ ծրագիրներ թափ կ’առնէին, յաճախ վերիվայրումներու մատնելով կրթական աշխատանքները: Այս դասընթացքները Հատսըն քաունթիի մէջ ՀՕՄի «Շաքէ» (նախապէս Ուեսթ Հոպոքըն եւ Ուեսթ Նիւ Եորք / Հատսըն Քաունթի) մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած են Ուեսթ Նիւ Եորքի ամերիկեան դպրոցին մէջ ու ապա՝ 1928-էն սկսեալ, ՀՅԴ «Արմենիա Հոլ»ի մէջ, Եունիըն Սիթի: Պըրկըն քաունթիի մէջ, ՀՕՄի Պըրկըն «Արմենուհի» (նախապէս Պոկոթա) մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ, դասընթացքները տեղի ունեցած են Հաքընսաքի Ֆըրսթ Բրեսպիթերեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ ու ապա Թինէք Թաուն Հաուզի սրահին մէջ: ՀՕՄի «Սպիտակ» մասնաճիւղը (նախապէս Էսէքս Քաունթի – Նիւըրք) նաեւ հովանաւորած է հայեցի կրթութիւնը իր շրջանին մէջ: ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղը հիմնուած ըլլալով 1976-ին, մաս կազմած է այս աշխատանքին այդ թուականէն սկսեալ: Նիւ Ճըրզիի գաղութի ղեկավարութիւնը 1950-ական թուականներուն կ’որոշէ հիմնել Հայ Կեդրոն Ռիճֆիլտ քաղաքին մէջ, նպատակ ունենալով գաղութը օժտել եկեղեցիով, ակումբով եւ մարզասրահով երիտասարդութեան համար: ՀՅԴ «Արմենիա Հոլ»ը հարկ էր ծախել, որպէսզի գոյացած նիւթական հասոյթով կարելի դառնար այս հայկական համալիրին իրականացումը: Բնականաբար, հին ակումբին մէջ գործող բոլոր կառոյցները, ներառեալ դպրոցը, հարկ էր փոխադրել նորակառոյց կեդրոնը։ Սակայն, օրուան ղեկավարութիւնը կ’որոշէ համախմբել Հատսըն, Պըրկըն եւ Նուըրք շրջաններուն մէջ գործող բոլոր հայ կրթական օճախները եւ միացեալ վարժարանը հաստատել Ռիճֆիլտի Սրբոց Վարդանանց Հայ Կեդրոնին մէջ, անուանակոչելով զայն «Նարեկ Վարժարան»: Արեւելեան Ամերիկայի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներու նման, սկզբնական շրջանին Նարեկ Վարժարանը կը շարունակէ գործել ՀՕՄի հսկողութեան ներքոյ ու ապա մաս կը կազմէ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կրթական համակարգին, որ կը հիմնուի 1970-ականներուն Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի Առաջնորդարանի միացեալ ջանքերով եւ միացեալ մասնակցութեամբ: Ներկայիս, Նիւ Ճըրզիի Նարեկ Վարժարանի Խնամակալ Մարմինը կը շարունակէ հայեցի կրթութեան աշխատանքը միօրեայ դրութեամբ Րիճֆիլտի մէջ, ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերու («Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ») եւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան միացեալ ջանքերով: Նարեկ Վարժարանը ունի մանկապարտէզ եւ նախակրթարան մինչեւ եօթներորդ դասարան․ ինչպէս նաեւ «Մամաս եւ Ես» եւ «Հունձք» ծրագիրները: Քայլ պահելով ներկայ պայմաններուն հետ, նոր ծրագիրներ կ’իրագործուին ի խնդիր Նարեկ Վարժարանի յարատեւման, բարելաւման եւ վերելքին: Երախտապարտ ենք եւ յարգանքով կը յիշատակենք ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք անցնող 60 տարիներուն ընթացքին անսակարկ նուիրումով Նարեկ Վարժարանին մէջ գործած բոլոր ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, խնամակալ մարմիններուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ ՀՕՄի միաւորներուն որոնց շարունակական անխոնջ ջանքերով, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ՝ այսօր կը գոյատեւէ Նարեկ Վարժարանը: Նարեկ Շաբաթօրեայ Վարժարանի հարուստ պատմականը օրինակելի փաստ մըն է մեր գաղութի կազմակերպութիւններու նուիրումին, կամքին եւ միասնական գործելաձեւին: |